2017-07-24 08:10:00

Զինեալ միջադէպ` Ամմանի Իսրայէլեան դեսպանատան մէջ:


Մէկ հոգի սպաննուեցաւ եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան Ամմանի մօտ իսրայէլեան դեսպանատան մէջ երէկ: Յորդանանեան «Փեթրա» լրատու գործակալութեան համաձայն, կրակոցի ձայն լսուած է Ամմանի Ռապիէ թաղամասին մէջ գտնուող իսրայէլեան դեսպանատան մէջ: Կրակոցին պատճառով վիրաւորուած է երեք հոգի: Նախնական քննութեանց համաձայն, վիրաւորներէն մէկը, որ իսրայէլացի է, կուրծքէն դաշունահարուած է, իսկ վիրաւոր յորդանանցիներէն մէկը աւելի ուշ մահացած է: Յորդանանեան «Ղատ» թերթին համաձայն, երէկ` կիրակի գիշեր վէճ մը ծագած է իսրայէլացիի մը եւ երկու յորդանանցիներու միջեւ, որոնք իբրեւ ատաղձագործ գործի հանգամանքով մուտք գործած են դեսպանատուն:

Յորդանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը հաստատեց դէպքին լուրը` աւելցնելով, որ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բացուած է: Ապահովական ուժեր պաշարած են դեսպանատան շրջանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.